Ալաշկերտի ֆութպոլի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող յետսապահ Հայկ Իշխանեան շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Ղազախստանի մէջ` մաս կազմելով Ժեթիսուին:
30 տարեկան ֆութպոլիստը երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իր պայմանագրութիւնը խզեց Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող իր ակումբին հետ:
2014-2015 տարեշրջանին Ալաշկերտին մաս կազմած եւ ապա անկէ հեռացած Իշխանեան, նախորդ տարուան յունիսին վերադարձած էր Ալաշկերտ: