Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 24 յունուարին կը կատարուին չորս մրցումներ` չորս տարբեր երկիրներու մէջ:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, Օսասունա կը հիւրընկալէ Լեվանթէն, ժամը 22:00-ին (բոլոր ժամերն ալ` Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն, Ա. Սէ. Միլան հիւրը կ՛ըլլայ Պրեշիայի (ժամը 21:45-ին):
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Պորուսիա Տորթմունտ կը հիւրընկալէ Քէօլնը (ժամը 21:30-ին):
Վերջապէս, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի բացման մրցումը իրարու դէմ կը հանէ Նիսն ու Ռեննը (ժամը 21:45-ին):