Հունգարացի Թամաս Այան 90 օրով ինքնայօժար կերպով դադրեցուց իր աշխատանքները` Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնի նախագահի իր պաշտօնին գծով` նկատի ունենալով, որ անոր դէմ ամբաստանութիւններ կան, ըստ որոնց, ան կաշառք ստացած է:
Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ իր գումարած արտակարգ նիստին ժամանակաւոր նախագահ նշանակեց կազմակերպութեան փոխնախագահ, Միացեալ Նահանգներու ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Ուրսուլա Փափանտրէան:
80 տարեկան Այան 2000-էն ի վեր կը վարէ նախագահի պաշտօնը: