Ըստ սպանական մամուլին, լոնտոնեան Արսենալին մաս կազմող յառաջապահ Փիեռ – Էմերիք Օպամեյանկ շատ հաւանաբար միանայ Պարսելոնային:
Թէեւ ֆութպոլիստը այս գծով իր հաւանութիւնը տուած է, սակայն ակումբը չ՛ուզեր ազատ արձակել իր մարզիկը:
Մունտօ – Տեփորթիւօ կը յայտնէ, որ հարցը քիչ մը բարդ կը թուի ըլլալ բայց քաթալոնական ակումբը պիտի շարունակէ իր բանակցութիւնները:
Ան Անգլիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 26 մրցում եւ նշանակած 16 կոլ: