Երէկ` հինգշաբթի, 23 յունուարին Լոզանի մէջ (Զուիցերիա) աւարտեցան ձմեռնային պատանեկան ողիմպիական խաղերը:
70 երկիրներէ եկած 1880 մարզիկներ մրցեցան տարբեր մարզաձեւերու մէջ:
Փակման պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ:
Ան այս խաղերը փակուած յայտարարելէ ետք ողիմպիական դրօշակը յանձնեց Հարաւային Քորէայի Կանկվոն նահանգի ներկայացուցիչներուն, ուր տեղի պիտի ունենան 2024-ի խաղերը:
Այս խաղերուն Հայաստան ունէր միայն ներկայացուցիչ մը` դահուկորդ Սպարտակ Ոսկանեանը, որ ակնկալուած արդիւնքը չտուաւ: