Ֆրանսայի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան խումբերէն Ռուանի մաս կազմող Անտրէ Սփայթ-Մկրտչեան, որ միեւնոյն ժամանակ մաս կը կազմէ Հայաստանի ազգային հաւաքականին, բաւական տպաւորիչ ելոյթ կ՛ունենայ իր ակումբին հետ:
Ատա Պլուա խումբին դէմ արձանագրուած յաղթանակին (85-83), որ կ՛իյնայ 19-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, ան նշանակեց 33 կէտ: Ան դաշտ ներկայացաւ 26 վայրկեան:
Ան ֆրանսական խումբին միացաւ յուլիս 2019-ին:
Ան Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ հանդիսացաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի փոքր երկիրներու ախոյեան: