Երէկ` հինգշաբթի, 23 յունուարին, երկօրեայ պայքարէ մը ետք, Տիգրան Պետրոսեանի ճատրակի տան մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի Աշոտ Անաստասեանի անուան արագ ճատրակի ախոյեան հռչակուեցաւ Հայկ Մարտիրոսեան, որ յաջողեցաւ ապահովել 7,5 կէտ:
Երկրորդ դիրքը 7 կէտով գրաւեց Արթուր Դաւթեան, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Զաւէն Անդրէասեան (6,5 կէտ):
Հայաստանի ախոյեանութեան մրցանակային ֆոնտը ընդհանուր առմամբ կազմեց 1,2 միլիոն դրամ: Արագ ճատրակի ախոյեանը ստացաւ 300 հազար դրամ:
Այլ գետնի վրայ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ Սմբատ Լպուտեան յայտնեց, որ Հայաստանի ճատրակի 80-րդ ախոյեանութեան ախոյեան հանդիսացած Սամուէլ Տէր Սահակեան անկասկած իր մեծ ներդրումը պիտի ունենայ Հայաստանի հաւաքականին հետ իր կատարած մրցումներուն:
Անոր ետին փոխախոյեան հանդիսացած էր Հայկ Մարտիրոսեան, իսկ երրորդ` Ռոպերթ Յովհաննիսեան: