«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 12 ճակատումներ:
Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 35-րդ յաղթանակը, երբ 100-92 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւ Եորք Նիքսի դաշտէն:
Յաղթական կազմէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 28 կէտ:
Նոյն շրջանի վերջին դիրքին վրայ գտնուող Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց տարեշրջանի իր 36-րդ պարտութիւնը իր հիւրէն` Եութա Ճեզէն: Ուորիըրզէն Տ՛անճելօ Ռասըլ նշանակեց 26 կէտ:
Հակառակ Նիքոլա Ժոքիչի իրագործած թրիփըլ տապըլին (19 կէտ, 12 ռիպաունտ, 10 էսիսթ), անոր կազմը` Տենվըր Նակեթց, Հիուսթընի մէջ կրեց 121-105 արդիւնքով պարտութիւն մը դաշտին տէրէն` Ռոքեթցէն: Այս վերջինէն Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 28 կէտ:
Երկրին գործող ախոյեանը Թորոնթօ Ռեփթըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 30-րդ յաղթանակը` 107-95 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզը:
Մայեմի Հիթ երկարաձգումէն ետք 134-129 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին, հակառակ անոր որ այս վերջինէն Պրետլի Պիլ նշանակեց 38 կէտ:
Թէեւ Քարլ-Անթոնի Թաունզ նշանակեց 40 կէտ, սակայն անոր կազմը` Մինեսոթա Վուլվզ, 117-110 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շիքակօ Պուլզի դաշտին վրայ: