Մարզական

2022-ի Մոնտիալ. ՖԻՖԱ-ն Եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Չհաստատեցին Ռուսիոյ Կախակայման Լուրը

Երէկ միջազգային մարզական մամուլը յայտնեց, որ տարաձայնութիւններ շրջան կ՛ընեն, որ Ռուսիոյ դէմ սահմանուեցաւ պատիժ մը, ըստ որուն, անոր արգիլուեցաւ մասնակցիլ 2022-ի մոնտիալին, որ տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մէջ: Նշուեցաւ, որ խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ պայքարի միջազգային կազմակերպութիւնը` ՈՒԱՏԱ-ն, այդ մասին տեղեկացուցած է Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին: Սակայն ՖԻՖԱ-ն եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն այդ ուղղութեամբ ցարդ ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարած են:...

2019-2020 Տարեշրջանէն Ետք. Սիմէոնէ Շատ Հաւանաբար Հեռանայ Աթլեթիքօ Մատրիտէն

Ըստ սպանական մամուլին, Աթլեթիքօ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ շատ հաւանաբար «Լա լիկա»-ի 2019-2020 տարեշրջանէն ետք հեռանայ իր ակումբէն: Նշուեցաւ, որ մատրիտեան ակումբը անոր փոխարէն նոր մարզիչ պիտի նշանակէ Թոթենհամի նախկին մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինոն: Սիմէոնէ, որ Աթլեթիքոյի մարզիչ նշանակուեցաւ 2011-ին, իր կազմին հետ 2013-2014 տարեշրջանին հանդիսացաւ երկրի ախոյեան: Ան տիրացած է նաեւ այլ տիտղոսներու:  

Անգլիական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Իր Դաշտին Վրայ Կը Մնայ Անպարտելի… Յաջորդաբար 40-րդ Մրցումն Ըլլալով

Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով Լիվըրփուլ - Շրուզպըրի Թաուն 1-16-րդ հանգրուանի մրցումին, Լիվըրփուլ նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Գ. դասակարգին մաս կազմող իր մրցակիցին դէմ: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ռօ-Շոն Ուիլիըմս` սխալմամբ իր բերդին մէջ (75-րդ): Այս մրցումին, Լիվըրփուլ դաշտ ներկայացուց ակումբին պատմութեան ամէնէն երիտասարդ խումբը եւ ամէնէն փոքր խմբապետը: Խաղացողներուն միջին տարիքը եղաւ 19 տարեկան եւ 102 օր, մինչ...

«Էն. Պի. Էյ.». Պաքսի 43-րդ Յաղթանակը. Հարտեն Նշանակեց 40 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս մրցումեր: Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս, որ ցարդ կրած է 7 պարտութիւն (ամէնէն քիչը), արձանագրեց իր 43-րդ յաղթանակը` 120-108 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Նիւ Օրլինզի դաշտէն: Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ` կողով մը նշանակած պահուն Յաղթական կազմէն Ճիաննիս Անթեթոքումփօ տապըլ տապըլ մը իրագործեց (34 կէտ, 17 ռիպաունտ): Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Հիուսթըն...

Քաթարի Մէջ. Անսար 2-0 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Տեղւոյն Կազմերէն Պատըհի Դէմ

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին յատուկ բանակում մը կատարելու համար Անսարի ֆութպոլի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Քաթար` պատրաստուելու համար Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումներուն: Մայրաքաղաք Տոհայի մէջ երէկ յետմիջօրէին Անսար կատարեց ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը` տեղւոյն կազմերէն Պատըհի դէմ: Մրցումը վերջ գտաւ լիբանանեան կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: 46-րդ վայրկեանին Հասան Մաաթուք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը: Այս կոլէն 5 վայրկեան ետք,...

Ֆութսալ. Ասիոյ Ախոյեանութիւնը Յետաձգուեցաւ Անորոշ Թուականով Մը

Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Թուրքմենիստանի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ ֆութսալի 2020-ի ախոյեանութիւնը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով մը` Չինաստանի մէջ յայտնաբերուած «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Թուրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ այս մրցաշարքը պիտի սկսէր 26 փետրուարին եւ աւարտէր 8 մարտին` մասնակցութեամբ 16 խումբերու: Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան իրեն մրցակից պիտի ունենար Քուէյթը, Ճափոնը եւ Խըրխըզիստանը:  ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շապապ Սահել Կրնայ Դադրեցնել Իր Փորձերը

Լիբանանեան մարզական մամուլին համաձայն, Շապապ Սահելի ղեկավարութիւնը գրեթէ որոշած է դադրեցնել Ա. խումբին փորձերը` նկատի ունենալով, որ 2019-2020 տարեշրջանին գծով կը տիրէ անորոշ վիճակ մը եւ յայտնի չէ, թէ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան կամ բաժակի մրցաշարքին գծով մրցումներ պիտի կատարուի՞ն, թէ՞ ոչ: Շապապ Սահել այսօր` չորեքշաբթի, 5 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին, մրցում մը ունի կատարելիք Նըժմէի դէմ` «Ֆորթին» բաժակի մրցաշարքին ծիրին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ապպաս Հասան Կը Մտադրէ Վերջնականապէս Հաստատուիլ Շուէտի Մէջ

Նըժմէի բերդապահ եւ լիբանանցի միջազգային նախկին ֆութպոլիստ Ապպաս Հասան կը մտադրէ վերջնականապէս հեռանալ Լիբանանէն եւ վերադառնալ Շուէտ, ուր կը գտնուի անոր ընտանիքը: Շուէտական հպատակութիւն ունեցող Հասան այս որոշումին եկած է (ըստ անոր մօտիկ ծանօթներուն)` նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ գրեթէ բոլոր մարզաձեւերուն նման ֆութպոլն ալ սառած վիճակի մէջ է, եւ անոր գծով կը տիրէ անորոշ վիճակ մը: Ան ֆութպոլիստի իր...

Դահուկարշաւ. Տղոց, Աղջկանց Եւ Կրտսերներու Ախոյեանութիւնը Սկիզբ Առաւ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Արզի մէջ սկիզբ առաւ Լիբանանի տղոց, աղջկանց եւ կրտսերներու ախոյեանութեան Ա. հանգրուանը` հսկողութեամբ դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Տուսան Կորսիքի: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 45 երկսեռ մարզիկներ լիբանանեան տարբեր ակումբներէ, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան բանակի դահուկարշաւի դպրոցէն: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սելիմ Քէյրուզի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներու:

Ծանրաբարձութիւն. Սիմոն Մարտիրոսեան Տիրացաւ Արծաթ Մետալի

Աշխարհի եւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան կրկնակի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան երէկ տիրացաւ արծաթ մետալի` Իրանի մէջ աւարտած ողիմպիականի վարկանշային մրցաշարքին 109 քկ եւ վեր մրցումներուն մէջ: Նոյն այս դասակարգին մէջ, Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը` Ռուբէն Ալեքսանեան, անհանգիստ ըլլալուն պատճառով չկրցաւ մասնակցիլ մրցումներուն: Մարտիրոսեան երկամարտի մրցումներուն բարձրացուց 410 քկ (180 եւ 230): Քանի մը օր առաջ, 96 քկ դասակարգին մէջ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան...

Մխիթարեան Շատ Հաւանաբար Մասնակցի Պոլոնիայի Դէմ Կատարուելիք Մրցումին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ ուրբաթ, 7 փետրուարին Պոլոնիայի դէմ կատարուելիք մրցումին, որ պիտի ըլլայ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 23-րդ հանգրուանի բացման մրցումը: Ըստ իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփոր»-ին, Մխիթարեան իր ստացած վնասուածքէն բաւական ապաքինած է եւ այժմ իր փորձերը կը կատարէ իր խմբակիցներուն հետ: Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ազատ Ոճի Ախոյեանութիւն. Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Հաւաքականի Կազմը

10-16 փետրուարին Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստան: Երէկ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յաբեթնակ Կուրղինեան իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հրապարակեց հաւաքականին կազմը, որուն մաս կը կազմեն հետեւեալ ըմբիշները. Միհրան Ջաբուրեան (57 քկ), Արսէն Յարութիւնեան (61 քկ), Վալոդեա Ֆրանգուլեան (65 քկ), Գէորգ Մխէեան (70 քկ), Հրայր Ալիխանեան...

Հայկական Պասքեթպոլ. Յառաջատար Արագած` Դարձեալ Յաղթական

Հայաստանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան յառաջատար եւ երկրի գործող ախոյեան Արագած կը շարունակէ իր յաղթական ելոյթներու շարքը: Էրեբունի - Արագած մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Արագածի յաղթանակով, 94-88 արդիւնքով: Արագածի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տէյվին Քամինկզ (37 կէտ): Ա. լիկայի դասաւորման մէջ Արագածի ետին երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ուրարտու:

1 Մարտին` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ն

Սպանական «Լա լիկա»-ն յայտարարեց, որ 2020 տարուան առաջին «Քլասիքօ»-ն` Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ 1 մարտին, արքայական ակումբին մարզադաշտին` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ: Պարսելոնա - Ռէալ Մատրիտ այս տարեշրջանի առաջին «Քլասիքօ»-ն որ տեղի ունեցաւ «Քամփ-Նու» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ռէալ Մատրիտ 49 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:...

Տեմպելէ Դարձեալ Վիրաւորուեցաւ

Քաթալոնական Պարսելոնայի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ այս շաբաթասկիզբին իր կատարած փորձերուն ընթացքին վնասուածք ստացաւ: Նշուեցաւ, որ 22 տարեկան Տեմպելէ, որ նոր ապաքինած էր իր ստացած վնասուածքէն, իր ունեցած ցաւերուն պատճառով իր փորձերը չկրցաւ աւարտել: Այսպիսով, 2019-2020 տարեշրջանին Տեմպելէ երրորդ անգամ ըլլալով կը վիրաւորուի: Ան իր կազմին հետ ցարդ կրցած է միայն 9 մրցում կատարել` դառնալով միայն...

«Քալչիօ». Ճիան Փիեռօ Կասփերինի 2018-2019 Տարեշրջանի Լաւագոյն Մարզիչը

Աթալանթայի գլխաւոր մարզիչ Ճիան Փիեռօ Կասփերինի ընտրուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 2018-2019 տարեշրջանին լաւագոյն մարզիչը: 62 տարեկան մասնագէտը, արժանացաւ «ոսկիէ նստարան» մրցանակին: Ան իր ետին ձգեց Սինիսա Միհայլովիչը եւ Մասիմիլիանօ Ալլեկրին, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը: Աթալանթա նախորդ տարեշրջանին գրաւեց երրորդ դիրքը` 69 կէտով, 21 կէտով ետ մնալով ախոյեան հանդիսացած Եուվենթուսէն:

Թենիս. Ճոքովիչ Վերադարձաւ Առաջին Դիրք

Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 2 փետրուարին, սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ տիրացաւ 2020 տարուան Աւստրալիոյ թենիսի առաջին կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին: Այդ տիտղոսին տիրանալուն շնորհիւ, Ճոքովիչ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալէն խլեց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 9720 կէտ: Նատալ ունի 9395 կէտ: Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր (7130): Առաջին անգամ 4 յուլիս...

«Էն. Պի. Էյ.».  Ուորիըրզի 12-րդ Յաղթանակը. Փէյթըն` Թրիփըլ Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզի 12-րդ Յաղթանակը. Փէյթըն` Թրիփըլ Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 4 փետրուարին կատարուեցան տասը ճակատումներ: Արեւմտեան շրջանի վերջին դիրքին վրայ գտնուող Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ ցարդ կրած է 39 պարտութիւն, արձանագրեց տարեշրջանի իր 12-րդ յաղթանակը` 125-117 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դաշտէն: Վերջինէս Պրետլի Պիլ նշանակեց 43 կէտ: Լոս Անճելըսի մէջ, Քլիփըրզ, 108-105 արդիւնքով յաղթեց Սան Անթոնիօ Սփըրզին: Յաղթական կազմէն Քաուհի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Սալամ Զղարթա Եւ Ահտ Հանդիսացան Ախոյեան

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սալամ Զղարթա Եւ Ահտ Հանդիսացան Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի փոքրերու (15 տարեկանէն վար) եւ կրտսերներու ախոյեանութեան լոյսին տակ, Սալամ Զղարթա եւ Ահտ յաջորդաբար հանդիսացան Լիբանանի ախոյեաններ: Սալամ Զղարթայի կազմը Փոքրերու 10-րդ եւ վերջին հանգրուանին, Սալամ Մըրտաշիէի մէջ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Նըժմէի հետ, ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը: Վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Թատամոն Սուր յաղթեց Ահտին (1-0), մինչ Ըտվենսթ Սալըր - Շապապ Սահել մրցումը աւարտեցաւ...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանանի Կատարելիք Մրցումներուն Տոմսերը` Շուկայ Իջած

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով Լիբանանի ազգային խումբին կատարելիք երկու մրցումներուն տոմսերը շուկայ իջած են: Ուրբաթ, 21 փետրուարին ժամը 21:00-ին, Լիբանան կը մրցի Իրաքի դէմ, իսկ երկուշաբթի, 24 յունուարին` Պահրէյնի դէմ: Երկու մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ): Մրցումներուն տոմսերը կարելի է ձեռք ձգել «Վըրճըն» վաճառատուներէն: Ֆետերասիոնը...

Page 630 of 1279 1 … 629 630 631 … 1,279

Արխիւներ