Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի փոքրերու (15 տարեկանէն վար) եւ կրտսերներու ախոյեանութեան լոյսին տակ, Սալամ Զղարթա եւ Ահտ յաջորդաբար հանդիսացան Լիբանանի ախոյեաններ:
Փոքրերու 10-րդ եւ վերջին հանգրուանին, Սալամ Մըրտաշիէի մէջ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Նըժմէի հետ, ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը:
Վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Թատամոն Սուր յաղթեց Ահտին (1-0), մինչ Ըտվենսթ Սալըր – Շապապ Սահել մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի կրտսերներու ախոյեանութեան, Ահտ 7-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան, Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ 4-1 արդիւնքով յաղթելով Թատամոն Սուրին (10-րդ եւ վերջին հանգրուան):
Անսար 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Իսլահ Պըրժ Շիմալիի դէմ, մինչ Թրիփոլի 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նըժմէն: