Աշխարհի եւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան կրկնակի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան երէկ տիրացաւ արծաթ մետալի` Իրանի մէջ աւարտած ողիմպիականի վարկանշային մրցաշարքին 109 քկ եւ վեր մրցումներուն մէջ:
Նոյն այս դասակարգին մէջ, Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը` Ռուբէն Ալեքսանեան, անհանգիստ ըլլալուն պատճառով չկրցաւ մասնակցիլ մրցումներուն:
Մարտիրոսեան երկամարտի մրցումներուն բարձրացուց 410 քկ (180 եւ 230):
Քանի մը օր առաջ, 96 քկ դասակարգին մէջ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Յակոբ Մկրտչեան իր կարգին տիրացած էր արծաթ մետալի: