Աթալանթայի գլխաւոր մարզիչ Ճիան Փիեռօ Կասփերինի ընտրուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 2018-2019 տարեշրջանին լաւագոյն մարզիչը:
62 տարեկան մասնագէտը, արժանացաւ «ոսկիէ նստարան» մրցանակին:
Ան իր ետին ձգեց Սինիսա Միհայլովիչը եւ Մասիմիլիանօ Ալլեկրին, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:
Աթալանթա նախորդ տարեշրջանին գրաւեց երրորդ դիրքը` 69 կէտով, 21 կէտով ետ մնալով ախոյեան հանդիսացած Եուվենթուսէն: