Մարզական

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ազգային Խումբին Կատարելիք Մրցումներուն Յայտագիրը

Ապտալլա Բ. թագաւորի անուան պասքեթպոլի մրցաշարքին կազմակերպիչ յանձնախումբը հրապարակեց երկուշաբթի, 10 փետրուարին սկսելիք 9-րդ միջազգային մրցաշարքին յայտագիրը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Յորդանան, Պահրէյն, Սուրիա, Իրաք եւ Լիբանան: Լիբանան յաջորդաբար պիտի մրցի Պահրէյնի (10 փետրուար), Սուրիոյ (12 փետրուար), Իրաքի (13 փետրուար) եւ Յորդանանի (14 փետրուար) դէմ:

Փինկ Փոնկ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ Ոսկի Եւ Պրոնզ Մետալներու

Հսկողութեամբ փինկ փոնկի միջազգային ֆետերասիոնին, Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռիատի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունեցած կրտսերներու յատուկ բանակումի մը (12 եւ 15 տարեկանէն վար կրտսեր մարզիկներ): Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Մալիք Թաուիլ (մարզիչ), Թալիա Ազար, Մոհամետ Պէյրութի (15 տարեկանէն վար), Եասմինա Հապաշ եւ Ռամեզ Տաքտուքի (12 տարեկանէն վար): Այս բանակումէն ետք, հոն տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութիւնը: Թալիա Ազար...

Հայկական Պասքեթպոլ. Արագած Պարտուեցաւ Երեւանէն

Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց Ա. լիկայի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արագած 103-99 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Երեւանէն` վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Երեւանէն Ալպերթ Թադէոսեան նշանակեց 37 կէտ:

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Իր Երկրորդ Հաւաքը Եւս Կը Կատարէ Թուրքիոյ Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի վերսկսելիք ախոյեանութեան, հայկական խումբեր կը շարունակեն իրենց հաւաքները արտասահմանի մէջ: Փիւնիկ Երեւան իր երկրորդ ուսումնամարզական հաւաքը եւս (6-20 փետրուար) պիտի կատարէ Թուրքիոյ մէջ: Այդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Պելեք քաղաքին մէջ: Նկատի առնուած են բարեկամական շարք մը մրցումներ:

18-23 Ապրիլին Հայաստանի Մէջ Չորրորդ Անգամ Ըլլալով Տեղի Պիտի Ունենայ Ֆութպոլի Զարգացման Մրցաշարք

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով, 18-23 ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի զարգացման մրցաշարք, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 14 եւ 15 տարեկանէն վար տարիքային խումբերը, բաղկացած` չորսական հաւաքականներէ: Հայաստանի 14 տարեկանէն վար հաւաքականին մրցակիցները պիտի ըլլան Պիելոռուսիա, Քաթար եւ Խըրխըզիստան, իսկ 15 տարեկանէն վար մրցակիցները` Քաթար, Պիելոռուսիա եւ Մոնթենեկրօ: Մրցաշարքը տեղի...

Արարատ – Արմենիա Ուսումնամարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ Կիպրոսի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ - Արմենիա 7-23 փետրուարին ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Լառնաքայի մէջ (Կիպրոս): Այդ հաւաքին ընթացքին նախատեսուած են ֆութպոլի բարեկամական չորս մրցումներ` հետեւեալ խումբերուն դէմ. Այա-Նափա (Կիպրոս), Ուֆա (Ռուսիա), Թեքսթիլշչիք (Ռուսիա) եւ Լիեփայա (Լաթվիա): Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը կը վերսկսի 28 փետրուարին: Այժմ դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Լոռի, որ ունի 28 կէտ: 27-ական կէտ...

Հայկական Ֆութպոլ. Արսէն Բեգլարեան Տեղափոխուեցաւ Ուրարտու

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Արսէն Բեգլարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ուրարտուի հետ, յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 26 տարեկան բերդապահին առաջին ակումբը Հայաստանի մէջ եղաւ Գանձասարը (2012-ին): Ան մաս կազմած է աւելի քան վեց ակումբներու: Վերջինը եղաւ` Տնիափրօ Մոկիլեւը (Պիելոռուսիա, Ա. դասակարգ), որուն հետ ան ընթացիկ տարեշրջանին մասնակցեցաւ 11 մրցումի: 2013-ին Հայաստանի ազգային հաւաքական հրաւիրուած Բեգլարեան իր...

Ռուսական Ֆութպոլ. Արարատ – Մոսկուա Հեռացուեցաւ Բ. Դասակարգէն

Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Արարատ - Մոսկուա հեռացուեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի արհեստավարժ լիկայէն (Բ. դասակարգ): Այս որոշումը տրուեցաւ կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէին նիստին: Ռուսական մամուլը յայտնեց որ ատիկա հետեւանք էր ակումբին մարզիկներուն եւ մարզիչներուն քանի մը ամիս աշխատավարձ չգանձելուն: Բ. դասակարգի կեդրոնական գօտիի դասաւորման մէջ Արարատ - Մոսկուա 23 կէտով կը գրաւէր 8-րդ դիրքը:

«Քալչիօ». Այսօր` Ա. Էս. Ռոմա – Պոլոնիա

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 23-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Ա. Էս. Ռոմա իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պոլոնիան: Հիւրընկալ կազմը 39 կէտով կը գտնուի 5-րդ դիրքին վրայ, մինչ Պոլոնիա, որ ունի 30 կէտ, կը գրաւէ 10-րդ դիրքը:

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Չելսի – Լիվըրփուլ` 1-16-րդ Հանգրուանի Կարեւորագոյն Ճակատումը

Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի կրկնուած մրցումներէն ետք, յստակացան իրարու մրցակից այն խումբերը, որոնք պիտի ճակատին իրարու դէմ: Չելսի - Լիվըրփուլ ճակատումը պիտի ըլլայ կարեւորագոյն հանդիպումը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան 2-5 մարտին: Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը. Չելսի - Լիվըրփուլ Տերպի Քաունթի - Մանչեսթըր Եունայթըտ Լայսթըր Սիթի - Պիրմինկհեմ Փորթցմաութ - Արսենալ Ռիտինկ - Շեֆիլտ Եունայթըտ Շեֆիլտ Ուենզտէյ - Մանչեսթըր Սիթի...

«Էն. Պի. Էյ.».  Ռեփթըրզ Արձանագրեց Իր 12-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.». Ռեփթըրզ Արձանագրեց Իր 12-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան 9 ճակատումներ: Ռեփթըրզ - Փէյսըրզ երէկուան մրցումէն Արեւելեան շրջանի երկրորդ դիրքը գրաւող Թորոնթօ Ռեփթըրզ արձանագրեց իր 12-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 119-118 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ինտիանա Փէյսըրզին: Յաղթական կազմէն Քայլ Լովրի նշանակեց 32 կէտ, մինչ Փէյսըրզէն Տոմանթաս Սապոնիս թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (15 կէտ, 11 ռիպաունտ, 10...

Ամերիկեան Պասքեթպոլ. Զանգուածային Բախում` Աղջկանց Մրցումի Մը Ընթացքին

Միացեալ Նահագներու մէջ, Թեքսաս Սաութըրն - Ալապամա Սթէյթ աղջկանց պասքեթպոլի համալսարանականներու խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումը վերջ գտաւ զանգուածային բախումով, յայտնեց «Հիուսթըն Քրոնիքըլ»: Բախումին մասնակցեցան նաեւ խումբերուն մարզիչները: Միացեալ Նահանգներու հարաւարեւմտեան յանձնաժողովը այս պատահարին ի տես կախակայեց տասը մարզիկ եւ երկու մարզիչ: Բացի ատկէ, այդ երկու համալսարանները ստացան 5 հազարական ամերիկեան տոլարի տուգանք մը:

Պասքեթպոլ. «Եւրօ-Լիկա». Պարսելոնա Շրջանցեց Ռէալ Մատրիտին

«Եւրօ-լիկա»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 23-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Վալենսիային, արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը, այդ ալ` կէտի մը տարբերութեամբ` 76-75 արդիւնքով: Հակառակ անոր որ Վալենսիա նախքան չորրորդ քորթըրը սկսիլը ունէր 13 կէտի առաւելութիւն մը, սակայն Պարսելոնա կերտեց յաղթանակը` պազըր պիթըրով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Պարսելոնա բարձրացաւ երկրորդ դիրք` շրջանցելով Ռէալ Մատրիտը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ա. Դասակարգի Ակումբներուն Մինչեւ 14 Փետրուար Պայմանաժամ Տրուեցաւ Որոշելու Համար, Թէ  Պիտի Մասնակցի՞ն Ախոյեանութեան

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ա. Դասակարգի Ակումբներուն Մինչեւ 14 Փետրուար Պայմանաժամ Տրուեցաւ Որոշելու Համար, Թէ Պիտի Մասնակցի՞ն Ախոյեանութեան

Երեքշաբթի, 4 փետրուարին, Ռապուէյի շրջանին մէջ գտնուող «Լիքաա» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ բաւական կարեւոր հանդիպում-ժողով մը` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Ա. դասակարգի տասը ակումբներուն ներկայացուցիչներուն, անոնց մարզիչներուն եւ խմբապետներուն մասնակցութեամբ: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի ժողովականներուն իր ուղղած խօսքին մէջ ըսաւ, որ ինք նախապէս ըսած էր, թէ լիբանանեան պասքեթպոլը կ՛ուղղուի դէպի անդունդ, նախքան ժողովրդային շարժումին սկսիլը: Ժողովրդային շարժումի պոռթկումէն ետք...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ Տիրացաւ «Ֆորթին Քափ» Մրցաշարքի Տիտղոսին

Երէկ յետմիջօրէին Նըժմէի դաշտին վրայ իր աւարտին հասաւ ֆութպոլի «Ֆորթին Քափ»-ի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով: Երէկուան վերջին մրցումին, թէեւ Նըժմէ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շապապ Սահելէն, սակայն տիրացաւ տիտղոսին` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 6 կէտ: Սահել ունեցաւ 4 կէտ: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հիւսէյն Հայտար (71-րդ): Աւարտին յաղթական կազմը` Նըժմէ, ստացաւ իր տիտղոսը:  

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան Ահտի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ակումբը իր մարզիկներուն, մարզիչներուն եւ թեքնիք պատասխանատուներուն բոլոր աշխատավարձերն ալ վճարած է եւ անոնց նկատմամբ նիւթական ոչ մէկ պարտաւորութիւն ունի: Ասիկա տեղի կ՛ունենայ Ահտի` Հիլալ Քուտըս (Պաղեստին) խումբին դէմ կատարելիք մրցումին նախօրեակին, որ կ՛իյնայ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի երթի մրցումին ծիրին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ 10 փետրուարին, Պէյրութի մէջ: Նեպիլ Պատըր...

Արսէն Յարութիւնեան. «Լաւ Մարզավիճակով Կը Մեկնիմ Եւրոպայի Ախոյեանութեան»

Արսէն Յարութիւնեան. «Լաւ Մարզավիճակով Կը Մեկնիմ Եւրոպայի Ախոյեանութեան»

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ, որ յատուկ տրամադրուածութեամբ եւ լաւ մարզավիճակով է, որ կը մեկնի Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան: Արսէն Յարութիւնեան «Անոնք, որոնք կը մտածէին, թէ նախորդ տարի պատահաբար Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացայ, այս տարի պիտի համոզուին այդ մտածումին ճիշդ հակառակը: Ախոյեանութեան նախապատրաստական փուլը տեղի ունեցաւ ճիշդ ծրագրուածին նման, եւ ներկայիս ինքզինքս կը զգամ կազմ...

Ըմբշամարտ. 37 Տարեկան Ողիմպիականի Նախկին Ախոյեանը Միացաւ Հայաստանի Խումբին

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը երէկ յայտնեց, որ ազգային հաւաքականին միացած է Հաճիմուրատ Կացալով, որ անցեալին եղած է ողիմպիականի ախոյեան: 37 տարեկան ըմբիշը հանդիսացած էր Աթէնքի ողիմպիականի ախոյեան, աշխարհի հնգակի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան` 97 քկ դասակարգին մէջ: Ան ըմբշամարտի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսած է 1993-ին:

Աթլեթիզմ. Հայաստանի Աթլեթները Կը Մեկնին Ուսումնամարզական Հաւաքի Մը

Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականը 6-20 փետրուարին յատուկ ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Պոլսոյ մէջ` պատրաստուելու համար Պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան, որ վարկանշային մրցաշարք է` Թոքիոյի ողիմպիականի խաղերուն համար: Վերոնշեալ ախոյեանութեան հիւրընկալ երկիրն է Թուրքիա: Այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն հետեւեալ 9 մարզիկները. Լեւոն Աղասեան, Արտակ Համբարձումեան, Տիգրան Մկրտչեան, Ռազմիկ Մկրտչեան, Մանուկ Մանուկեան, Եանա Աբրահամեան, Լիլիթ Յարութիւնեան, Մարիանա Բաւելեան, Մարիեթա Մինասեան: Պատուիրակութեան...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Մարզական Հաւաքի Մը Պիտի Սկսի

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ 9-12 փետրուարին Հայաստանի 15 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մհեր Միրումեան այս հաւաքին համար նկատի առաւ 24 ֆութպոլիստներ: Նշուեցաւ, որ մարզական հաւաքին վերջին օրը` չորեքշաբթի, 12 փետրուարին, հաւաքականը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Ակադեմիա-2 խումբին դէմ:  

Page 629 of 1279 1 … 628 629 630 … 1,279

Արխիւներ