Նըժմէի բերդապահ եւ լիբանանցի միջազգային նախկին ֆութպոլիստ Ապպաս Հասան կը մտադրէ վերջնականապէս հեռանալ Լիբանանէն եւ վերադառնալ Շուէտ, ուր կը գտնուի անոր ընտանիքը:
Շուէտական հպատակութիւն ունեցող Հասան այս որոշումին եկած է (ըստ անոր մօտիկ ծանօթներուն)` նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ գրեթէ բոլոր մարզաձեւերուն նման ֆութպոլն ալ սառած վիճակի մէջ է, եւ անոր գծով կը տիրէ անորոշ վիճակ մը:
Ան ֆութպոլիստի իր ասպարէզը կ՛ուզէ շարունակել Շուէտի մէջ, սակայն մնայուն կապի մէջ ըլլալով իր ակումբին կամ որեւէ այլ ակումբի հետ եւ պէտք եղած պարագային դարձեալ վերադառնալով Լիբանան: