«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս մրցումեր:
Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս, որ ցարդ կրած է 7 պարտութիւն (ամէնէն քիչը), արձանագրեց իր 43-րդ յաղթանակը` 120-108 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Նիւ Օրլինզի դաշտէն:
Յաղթական կազմէն Ճիաննիս Անթեթոքումփօ տապըլ տապըլ մը իրագործեց (34 կէտ, 17 ռիպաունտ):
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Հիուսթըն Ռոքեթց, որ 117-109 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Նիւ Օրլինզը: Յաղթական կազմէն Ճէյմս Հարտեն իր կարգին տապըլ տապըլ մը իրագործեց (40 կէտ, 12 էսիսթ):
Լոս Անճելըսի մէջ, Լէյքըրզ 129-102 արդիւնքով յաղթեց Սան Անթոնիօ Սփըրզին: Լեպրոն Ճէյմս (Լէյքըրզ) նշանակեց 36 կէտ, մինչ Տեմար Տերոզան (Սփըրզ)` 28 կէտ:
Վերջապէս, երէկուան չորրորդ եւ վերջին մրցումին, Տենվըր Նակեթց 127-99 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին: