Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով Լիբանանի ազգային խումբին կատարելիք երկու մրցումներուն տոմսերը շուկայ իջած են:
Ուրբաթ, 21 փետրուարին ժամը 21:00-ին, Լիբանան կը մրցի Իրաքի դէմ, իսկ երկուշաբթի, 24 յունուարին` Պահրէյնի դէմ:
Երկու մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):
Մրցումներուն տոմսերը կարելի է ձեռք ձգել «Վըրճըն» վաճառատուներէն:
Ֆետերասիոնը տեղեկացուց նաեւ, որ տոմսերուն վաճառքը պիտի կատարուի հետեւեալ սակերուն հիմամբ. 5 հազար, 30 հազար, 60 հազար եւ 150 հազար (պատուոյ թրիպիւն) լիբանանեան ոսկի: