Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով Լիվըրփուլ – Շրուզպըրի Թաուն 1-16-րդ հանգրուանի մրցումին, Լիվըրփուլ նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Գ. դասակարգին մաս կազմող իր մրցակիցին դէմ:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ռօ-Շոն Ուիլիըմս` սխալմամբ իր բերդին մէջ (75-րդ):
Այս մրցումին, Լիվըրփուլ դաշտ ներկայացուց ակումբին պատմութեան ամէնէն երիտասարդ խումբը եւ ամէնէն փոքր խմբապետը:
Խաղացողներուն միջին տարիքը եղաւ 19 տարեկան եւ 102 օր, մինչ խմբապետը հանդիսացաւ Քիորթիս Ճոնսըն (15 տարեկան, 5 օր):
Վերոնշեալներէն բացի, Լիվըրփուլ «Էնֆիլտ»-ի իր դաշտին վրայ յաջորդաբար 40-րդ մրցումն ըլլալով մնաց անպարտելի (35 յաղթանակ, 5 հաւասարութիւն):
Վերջին անգամ Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ պարտութիւն կրած էր Չելսիէն (26 սեպտեմբեր 2018)` 2-1 արդիւնքով:
Խումբի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ, որ արձակուրդի մէջ էր ներկայ չեղաւ մրցումին: Անոր պաշտօնը կատարեց ակումբի 23 տարեկանէն վար խումբի մարզիչ Նիլ Քրիթչիլ: