Քաթալոնական Պարսելոնայի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ այս շաբաթասկիզբին իր կատարած փորձերուն ընթացքին վնասուածք ստացաւ:
Նշուեցաւ, որ 22 տարեկան Տեմպելէ, որ նոր ապաքինած էր իր ստացած վնասուածքէն, իր ունեցած ցաւերուն պատճառով իր փորձերը չկրցաւ աւարտել:
Այսպիսով, 2019-2020 տարեշրջանին Տեմպելէ երրորդ անգամ ըլլալով կը վիրաւորուի:
Ան իր կազմին հետ ցարդ կրցած է միայն 9 մրցում կատարել` դառնալով միայն կոլի մը հեղինակը: