Սպանական «Լա լիկա»-ն յայտարարեց, որ 2020 տարուան առաջին «Քլասիքօ»-ն` Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ 1 մարտին, արքայական ակումբին մարզադաշտին` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ:
Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ այս տարեշրջանի առաջին «Քլասիքօ»-ն որ տեղի ունեցաւ «Քամփ-Նու» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ռէալ Մատրիտ 49 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Պարսելոնա 46 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը: