Հայաստանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան յառաջատար եւ երկրի գործող ախոյեան Արագած կը շարունակէ իր յաղթական ելոյթներու շարքը:
Էրեբունի – Արագած մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Արագածի յաղթանակով, 94-88 արդիւնքով:
Արագածի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տէյվին Քամինկզ (37 կէտ):
Ա. լիկայի դասաւորման մէջ Արագածի ետին երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ուրարտու: