Ըստ սպանական մամուլին, Աթլեթիքօ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ շատ հաւանաբար «Լա լիկա»-ի 2019-2020 տարեշրջանէն ետք հեռանայ իր ակումբէն:
Նշուեցաւ, որ մատրիտեան ակումբը անոր փոխարէն նոր մարզիչ պիտի նշանակէ Թոթենհամի նախկին մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինոն:
Սիմէոնէ, որ Աթլեթիքոյի մարզիչ նշանակուեցաւ 2011-ին, իր կազմին հետ 2013-2014 տարեշրջանին հանդիսացաւ երկրի ախոյեան: Ան տիրացած է նաեւ այլ տիտղոսներու: