Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Արզի մէջ սկիզբ առաւ Լիբանանի տղոց, աղջկանց եւ կրտսերներու ախոյեանութեան Ա. հանգրուանը` հսկողութեամբ դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Տուսան Կորսիքի:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 45 երկսեռ մարզիկներ լիբանանեան տարբեր ակումբներէ, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան բանակի դահուկարշաւի դպրոցէն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սելիմ Քէյրուզի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներու: