Մարզական

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան 2 Կէտով Բարելաւեց Իր Անհատական Վարկանիշը

Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ վերջին շրջանին միջազգային գետնի վրայ բարձր արդիւնքներ կ՛արձանագրէ, տիրացաւ «Սանթիակօ Մասթըրզ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին տիտղոսին` ապահովելով 7,5 կէտ: Նշենք, որ ան վերջին` 9-րդ հանգրուանէն առաջ իսկ, ապահոված էր տիտղոսը: Տիտղոսին տիրանալով, ան 2 կէտով բարելաւեց իր անհատական վարկանիշը եւ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 2662 կէտ:

Ճատրակ. «Կասպեան Բաժակ»-ի Մրցաշարք. Գէորգ Յարութիւնեան` Առաջին Դիրքին Վրայ

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Իրանի մէջ տեղի ունեցող «Կասպիան բաժակ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող 6 ճատրակ խաղացողներուն մէջ ցարդ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած է կրանտմասթըր Գէորգ Յարութիւնեան, որ առաւելագոյն 6 կէտէն ապահոված է նոյնքան կէտ: Լեւոն Բաբուջեան (կրանտմասթըր) եւ Սիրանուշ Ղուկասեան (աղջկանց միջազգային վարպետ) 5-ական կէտով կը բաժնեն 3-րդ դիրքը: Հայկ Երիցեան ապահոված է 4,5...

Իքեր Քասիաս Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին բերդապահ Իքեր Քասիաս, վերջ դրաւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Այս մասին պաշտօնապէս յայտարարեց անոր ակումբին` Փորթոյի նախագահը Ժորժ Նունօ Փինթօ տա Քոսթա, ֆութպոլիստին հետ յատուկ հանդիպում-ժողով մը ունենալէ ետք: Այժմ 38 տարեկան Քասիաս, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ 1990-ին, Ռէալ Մատրիտի հետ 22 տարի երեւցաւ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ եւ 1048 մրցումի...

Ռէալ Մատրիտ Ներկայացուց Իր Նոր Ֆութպոլիստը

Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ռէալ Մատրիտ, ներկայացուց իր նոր ֆութպոլիստը` պրազիլցի միջնապահ Ժեսիւս Ռէյնիերը: 18 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար արքայական ակումբը պրազիլական Ֆլամենկոյին վճարեց 30 միլիոն եւրօ: Ան վեց տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան խաղերուն ան 15 մրցումի ընթացքին նշանակեց 6 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ: Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը այս տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ռէալ...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Բանտայի Բաժակի Մրցաշարք. Սանթրալ Ժունիէ Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի քոնկ ֆու - ուու շուի ֆետերասիոնին, Ռըսոլ-Ժունիէի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Սանտայի բաժակի մրցաշարքը` 12-17 տարեկան դասակարգերու յատուկ: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 60 երկսեռ մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Ռըսոլ Ժունիէ, Պել Հորիզոն-Ատմա, Շեպիպէ Շիահ, Անթունիէ Պաապտա, Ժամհուր, Մետնըս Զահլէ, Սանթրալ Ժունիէ, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ, Պատի Փաուըր-Ժըպէյլ, Թայկըր Ամիուն, Շաուլին-Պէյրութ եւ Սփորթինկ-Պէյրութ: Ապահովելով 31 կէտ,...

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Ռումանիա

Փոքր երկիրներու դահուկարշաւի աշխարհի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերելու համար լիբանանեան պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ռումանիա` գլխաւորութեամբ Ասիոյ դահուկարշաւի ֆետերասիոնին փոխնախագահ, Լիբանանի ֆետերասիոնին գանձապահ Եուսեֆ Խալիլի: Խումբին մարզիչն է Եան Եաքուպքօ, իսկ մարզիկներն են Լէա Քիքանու, Նայա Քըրտի, Թամարա Խալաֆ, Մարիա Ապու Ժաուտէ (աղջիկներ), Օմար Զէյտան, Լուքա Ծովիկեան, Ֆուատ Միշել Սատեր, Մեթիու Ասմար, Զիատ Շեհապ, Մուսթաֆա Մունլա (տղաք):  

«Աքուապայք»-ի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանան` 15-րդ Դիրքին Վրայ

Նախորդ շաբաթավերջին «Մարինա-Մոլ»-ի մէջ (Քուէյթ) տեղի ունեցաւ «Աքուապայք»-ի (Ճեթ-Սքի) աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 35 մասնակիցներ հետեւեալ երկիրներէն. Նոր Զելանտա, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Իտալիա, Փորթուգալ, Միացեալ Նահանգներ, Շուէտ, Սպանիա, Մեքսիքա, Գերմանիա, Քոլոմպիա, Խրուաթիա, Դանիա, Էսթոնիա, Հունգարիա, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա եւ Լիբանան: Լիբանանի ներկայացուցիչը` Ամեր Իթանի, գրաւեց 15-րդ դիրքը: Հակառակ այդ դիրքը գրաւելուն, ան բարձրացաւ փոտիում` նկատի ունենալով,...

Ճատրակ. «Սանթիակօ Մասթըրզ»-ի Մրցաշարք. Կարէն Գրիգորեան Աւարտէն Մէկ Հանգրուան Առաջ Դարձաւ Տիտղոսակիր

Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ սպանական Սանթիակօ քաղաքին մէջ ընթացող «Սանթիակօ Մասթըրզ» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, անոր աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ, արդէն դարձաւ մրցաշարքի տիտղոսակիր: Թէեւ մրցաշարքը կ՛աւարտի այսօր` չորեքշաբթի, երբ կը կատարուին, 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները, սակայն ան երէկ յաղթանակ մը արձանագրեց եւ առաւելագոյն 8 կէտէն ապահովեց 7 կէտ: Անոր ետին երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող...

Ճատրակ. Այսօր Կը Սկսի «Այերոֆլոթ-Օփըն» 2020-ի Մրցաշարքը

Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ այսօր կը սկսի «Այերոֆլոթ-օփըն» 2020-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքը: Գլխաւոր մրցաշարքին Հայաստանը կը ներկայացնեն Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Շանթ Սարգսեան: Բ. մրցաշարքին ելոյթ կ՛ունենան Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Սարգսեան, Դաւիթ Գէորգեան: Իսկ Գ. մրցաշարքին կը մասնակցի Արթուր Ղարագյոզեան: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 4 ճատրակ խաղացողներ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական դրութեամբ` 9 հանգրուանով, ու պիտի...

Ճատրակ. «Հայկական Արծիւներ»-ը` «Փրօ-Չես-Լիկ»-ի Արեւելեան Շրջանի Յաղթական

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ` ապահովելով 144 կէտ, «Հայկական արծիւներ» ակումբը, որ ընդգրկուած էր արեւելեան բաժինին մէջ, հանդիսացաւ յաղթական` գերազանցելով Չինաստանը, Ռուսիան եւ Հնդկաստանը «Փրօ-չես-լիկ»-ի ճատրակի մրցաշարքին: Մասնակցող 24 խումբերը բաժնուած էին երեք բաժիններու` արեւելեան, արեւմտեան եւ կեդրոնական: Այսպիսով, հայկական ակումբը իրաւունք ստացաւ իր մասնակցութիւնը բերել փլէյ-օֆի մրցումներուն:  

Չալեան Եւ Ալեքսանեան Պիտի Մասնակցին Թոքիօ-2020-ի Ողիմպիականի Խաղերուն

24 յուլիսէն 9 օգոստոսին Թոքիոյի մէջ տեղի կ՛ունենան 2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերը: Շուրջ 11 հազար մարզիկներ, աշխարհի 206 երկիրներէն, կը մրցին 33 մարզաձեւերու մէջ: Թոքիօ երկրորդ անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ այս խաղերը, առաջինը` 1964-ին: Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի մարզիչները ճշդեցին այն ըմբիշներուն, որոնք այդ խաղերուն պիտի ներկայացնեն Հայաստանը: Այդ խաղերուն պիտի նախապատրաստուին Կարապետ Չալեան (77 քկ) եւ Արթուր...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Աղջկանց Ազգային Հաւաքականը Բարեկամական Մրցումներ Պիտի Կատարէ

28 փետրուարէն 6 մարտ, Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ պիտի կատարէ մարզական հաւաք մը: Մանուկ Սարգսեանի գլխաւորած կազմը այդ հաւաքին բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Լիթուանիոյ դէմ, 4 եւ մարտին: Լուրը հաղորդեց, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան Փիւնիկի մարզադաշտին վրայ:  

Ծանրաբարձութիւն. Հայրենի Ծանրաբարձները Ուսումնամարզական Հաւաքի Մը Սկսան Աբովեանի Մէջ

Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց մեծերու հաւաքականը Աբովեան քաղաքին մէջ սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքի մը: Հաւաքականին մարզիչ Վիգէն Խաչատրեան ըսաւ, որ տասնմէկ ծանրաբարձներուն հաւաքը կ՛աւարտի 7 մարտին: Անոնց կը միանան նաեւ հինգ երիտասարդ մարզիկներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի ախոյեանութեան: Իսկ մեծերու հաւաքականը կը պատրաստուի Եւրոպայի ախոյեանութեան:

«Չեմփիընզ-Լիկ». Լիվըրփուլ Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Պարտուեցան

Երէկ գիշեր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, կատարուեցան երկու ճակատումներ: Այսօրուան յայտագիրին վրայ եւս կան զոյգ ճակատումներ: Աթալանթա կը հիւրընկալէ Վալենսիան, իսկ Թոթենհամ` Լայփցիկին: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Երէկուան մրցումներուն յաղթական դուրս եկան հիւրընկալ կազմերը` Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Պորուսիա Տորթմունտ, որոնք յաջորդաբար յաղթեցին Լիվըրփուլի (1-0) եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի (2-1):...

Մեսսի Եւ Հեմիլթըն Ստացան «Լորէօս Ուորլտ Սփորթց Ըուըրտծ-2019» Մրցանակը

Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին համաշխարհային մարզաձեւի «Լորէօս Ուորլտ Սփորթց Ըուըրտծ-2019»-ի մրցանակը ստացան երկու մարզիկներ: Անիկա տրուեցաւ քաթալոնիական Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին եւ Ֆորմիւլա-1-ի վարորդ, անգլիացի Լուիս Հեմիլթընին: «Տարուան լաւագոյն կին» մարզիկի տիտղոսին տիրացաւ Միացեալ Նահանգներու մարմնամարզութեան ազգային խումբին անդամ, ողիմպիականի բազմակի ախոյեան Սիմոն Պէյլս: Իսկ լաւագոյն խումբի մրցանակը ստացաւ...

Լիվըրփուլ Հանդիսացաւ Եւրոպական Առաջին Խումբը, Որ Ապահովեց «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի 2020-2021 Տարեշրջանին Իր Տոմսը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 26-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ «Սթեմֆորտ Պրիճ»-էն` պարտութեան մատնելով Չելսին: Արձանագրուած այս արդիւնքին լոյսին տակ, պարագլուխի դիրքին վրայ եղող Լիվըրփուլ հանդիսացաւ եւրոպական առաջին խումբը, որ ապահովեց, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2020-2021 տարեշրջանին իր տոմսը, անկախ անկէ, որ Մանչեսթըր Սիթի պիտի հեռացուի՞ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերէն, թէ ոչ: Ամէն պարագային, ինչ ալ ըլլան,...

Փիաթեք Մէկուկէս Տարուան Ընթացքին 8 Մարզիչ Փոխեց

Լեհ արհեստավարժ ֆութպոլիստ Քրզիսցթոֆ Փիաթեք մէկուկէս տարուան ընթացքին փոխեց իր ութերորդ մարզիչը: Այս մասին տեղեկացուց «Պլիչըր-Ռիփորթ»: Յունիս 2018-էն փետրուար 2020 ան ունեցաւ հետեւեալ մարզիչները. Տաւիտ Պալարտինի, Իվան Եուրիչ, Սեզար Փրանտելլի (Ճենովա), Կենարօ Կաթուզօ, Մարքօ Ճիամփաուլօ, Շթեֆանօ Փիոլի (Ա. Սէ. Միլան), Եիւրկըն Քլինսման եւ Ալեքսանտր Նուրի (Հերթա Պերլին):  

Պասքեթպոլ.  Լիբանանեան Յաղթած Պատուիրակութիւնը Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան

Պասքեթպոլ. Լիբանանեան Յաղթած Պատուիրակութիւնը Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան

Երէկ կէսօրէ առաջ Ամմանէն (Յորդանան) Լիբանան վերադարձաւ լիբանանեան պասքեթպոլի պատուիրակութիւնը, որ Ապտալլա Բ. թագաւորի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին յաղթանակ կերտեց եւ դարձաւ տիտղոսակիր: Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին Ա. փոխնախագահ, Լիբանանի...

Քարթինկ. Լիբանանցի Վարորդները Փայլուն Արդիւնքներ Արձանագրեցին Օմանի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի («ՄԵՆԱ») Քարթինկի ախոյեանութիւնը, որ կատարուեցաւ Օմանի մէջ: Այս ախոյեանութեան Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերաւ հետեւեալ չորս վարորդներով` Մաթիաս Նըժէյմ, Փաթրիք Նըժէյմ, Քրիսթոֆըր Ֆըղալի եւ Քարլ Սաատ: «Միքրօ-Մաքս» դասակարգին մէջ Քրիսթոֆըր գրաւեց առաջին դիրքը: Իր կարգին, առաջին դիրքը գրաւեց Մաթիաս Նըժէյմ, վերջնական դասաւորման մէջ, մինչ «Տի. Տի. Թու» դասակարգին մէջ Փաթրիք Նըժէյմ...

Ֆութսալի Մրցումով Մը. Զահլէի Մէջ Ազդանշանը Տրուեցաւ Դպրոցական Ախոյեանութեան

Շաբաթ, 15 փետրուարին Մար Եուսեֆի դպրոցի դաշտերուն վրայ ազդանշանը տրուեցաւ Զահլէ - Մաալաքա եւ Թաանայել քաղաքապետութեան դպրոցական ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով: Բացումը կատարուեցաւ ֆութսալի հանդիպումով մը, ներկայութեամբ շարք մը երեսփոխաններու, քաղաքապետ Ասաատ Զղէյրի, քաղաքապետութեան անդամներուն, մասնակցող վարժարաններուն տնօրէններուն, մարզական պատասխանատուներուն եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներու: Նշենք, որ տեղի պիտի ունենան ֆութսալի, պասքեթպոլի եւ աթլեթիզմի մրցումներ երկու ամսուան...

Page 625 of 1279 1 … 624 625 626 … 1,279

Արխիւներ