Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ այսօր կը սկսի «Այերոֆլոթ-օփըն» 2020-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքը:
Գլխաւոր մրցաշարքին Հայաստանը կը ներկայացնեն Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Շանթ Սարգսեան: Բ. մրցաշարքին ելոյթ կ՛ունենան Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Սարգսեան, Դաւիթ Գէորգեան: Իսկ Գ. մրցաշարքին կը մասնակցի Արթուր Ղարագյոզեան:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 4 ճատրակ խաղացողներ:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական դրութեամբ` 9 հանգրուանով, ու պիտի աւարտի 27 փետրուարին:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 140 հազար եւրօ: