Շաբաթ, 15 փետրուարին Մար Եուսեֆի դպրոցի դաշտերուն վրայ ազդանշանը տրուեցաւ Զահլէ – Մաալաքա եւ Թաանայել քաղաքապետութեան դպրոցական ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով:
Բացումը կատարուեցաւ ֆութսալի հանդիպումով մը, ներկայութեամբ շարք մը երեսփոխաններու, քաղաքապետ Ասաատ Զղէյրի, քաղաքապետութեան անդամներուն, մասնակցող վարժարաններուն տնօրէններուն, մարզական պատասխանատուներուն եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներու:
Նշենք, որ տեղի պիտի ունենան ֆութսալի, պասքեթպոլի եւ աթլեթիզմի մրցումներ երկու ամսուան տեւողութեան: