Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 26-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ «Սթեմֆորտ Պրիճ»-էն` պարտութեան մատնելով Չելսին:
Արձանագրուած այս արդիւնքին լոյսին տակ, պարագլուխի դիրքին վրայ եղող Լիվըրփուլ հանդիսացաւ եւրոպական առաջին խումբը, որ ապահովեց, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2020-2021 տարեշրջանին իր տոմսը, անկախ անկէ, որ Մանչեսթըր Սիթի պիտի հեռացուի՞ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերէն, թէ ոչ:
Ամէն պարագային, ինչ ալ ըլլան, վերջին 12 հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները, Լիվըրփուլ դուրս պիտի չմնայ առաջին չորս դիրքերէն:
Լիվըրփուլ այժմ ունի 76 կէտ, Մանչեսթըր Սիթի` 51, Լայսթըր Սիթի` 50, իսկ Չելսի եւ Թոթենհամ, յաջորդաբար ունին 41 եւ 40 կէտ: