Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին բերդապահ Իքեր Քասիաս, վերջ դրաւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Այս մասին պաշտօնապէս յայտարարեց անոր ակումբին` Փորթոյի նախագահը Ժորժ Նունօ Փինթօ տա Քոսթա, ֆութպոլիստին հետ յատուկ հանդիպում-ժողով մը ունենալէ ետք:
Այժմ 38 տարեկան Քասիաս, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ 1990-ին, Ռէալ Մատրիտի հետ 22 տարի երեւցաւ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ եւ 1048 մրցումի ընթացքին տիրացաւ 24 տարբեր տիտղոսներու:
Ծանօթ է, որ ան նախորդ մայիսին, թէեւ սրտի կաթուած մը ունեցաւ, սակայն վերսկսաւ իր փորձերուն: Բնականաբար, ան չկրցաւ տալ այն, ինչ որ կու տար անցեալին:
Այժմ Քասիաս իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ աշնան: