Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին համաշխարհային մարզաձեւի «Լորէօս Ուորլտ Սփորթց Ըուըրտծ-2019»-ի մրցանակը ստացան երկու մարզիկներ:
Անիկա տրուեցաւ քաթալոնիական Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին եւ Ֆորմիւլա-1-ի վարորդ, անգլիացի Լուիս Հեմիլթընին:
«Տարուան լաւագոյն կին» մարզիկի տիտղոսին տիրացաւ Միացեալ Նահանգներու մարմնամարզութեան ազգային խումբին անդամ, ողիմպիականի բազմակի ախոյեան Սիմոն Պէյլս:
Իսկ լաւագոյն խումբի մրցանակը ստացաւ Հարաւային Ափրիկէի ռակպիի ազգային խումբը:
Նշենք, որ Մեսսի այսպիսով դարձաւ առաջին մարզիկը, որ այս մրցանակին կը տիրանայ ոչ թէ իբրեւ անհատական մարզաձեւ կիրարկող, այլ խմբային մրցումներու մասնակցող մարզիկ: