Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ռէալ Մատրիտ, ներկայացուց իր նոր ֆութպոլիստը` պրազիլցի միջնապահ Ժեսիւս Ռէյնիերը:
18 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար արքայական ակումբը պրազիլական Ֆլամենկոյին վճարեց 30 միլիոն եւրօ: Ան վեց տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան խաղերուն ան 15 մրցումի ընթացքին նշանակեց 6 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ:
Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը այս տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ռէալ Մատրիտի Բ. խումբին` Քասթիլլայի հետ, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին: Անիկա այժմ Ա. խմբակի դասաւորման մէջ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը (34 կէտով)` 21 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Պալէարէսէն:
Անդրադառնալով այս փոխանցումին` ֆութպոլիստը ըսաւ, որ այսպիսով իր մանկութեան երազը իրականացաւ: