Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ` ապահովելով 144 կէտ, «Հայկական արծիւներ» ակումբը, որ ընդգրկուած էր արեւելեան բաժինին մէջ, հանդիսացաւ յաղթական` գերազանցելով Չինաստանը, Ռուսիան եւ Հնդկաստանը «Փրօ-չես-լիկ»-ի ճատրակի մրցաշարքին:
Մասնակցող 24 խումբերը բաժնուած էին երեք բաժիններու` արեւելեան, արեւմտեան եւ կեդրոնական:
Այսպիսով, հայկական ակումբը իրաւունք ստացաւ իր մասնակցութիւնը բերել փլէյ-օֆի մրցումներուն: