Կազմակերպութեամբ Լիբանանի քոնկ ֆու – ուու շուի ֆետերասիոնին, Ռըսոլ-Ժունիէի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Սանտայի բաժակի մրցաշարքը` 12-17 տարեկան դասակարգերու յատուկ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 60 երկսեռ մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները.
Ռըսոլ Ժունիէ, Պել Հորիզոն-Ատմա, Շեպիպէ Շիահ, Անթունիէ Պաապտա, Ժամհուր, Մետնըս Զահլէ, Սանթրալ Ժունիէ, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ, Պատի Փաուըր-Ժըպէյլ, Թայկըր Ամիուն, Շաուլին-Պէյրութ եւ Սփորթինկ-Պէյրութ:
Ապահովելով 31 կէտ, Սանթրալ հանդիսացաւ առաջին: Անոր ետին, յաջորդաբար, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Պել Հորիզոն (29) եւ Մետնըս (26):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Նշենք, որ իրաւարարներուն կարգին էր Րաֆֆի Սարգիսեան: