Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի («ՄԵՆԱ») Քարթինկի ախոյեանութիւնը, որ կատարուեցաւ Օմանի մէջ:
Այս ախոյեանութեան Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերաւ հետեւեալ չորս վարորդներով` Մաթիաս Նըժէյմ, Փաթրիք Նըժէյմ, Քրիսթոֆըր Ֆըղալի եւ Քարլ Սաատ:
«Միքրօ-Մաքս» դասակարգին մէջ Քրիսթոֆըր գրաւեց առաջին դիրքը:
Իր կարգին, առաջին դիրքը գրաւեց Մաթիաս Նըժէյմ, վերջնական դասաւորման մէջ, մինչ «Տի. Տի. Թու» դասակարգին մէջ Փաթրիք Նըժէյմ գրաւեց երրորդ դիրքը: