Երէկ կէսօրէ առաջ Ամմանէն (Յորդանան) Լիբանան վերադարձաւ լիբանանեան պասքեթպոլի պատուիրակութիւնը, որ Ապտալլա Բ. թագաւորի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին յաղթանակ կերտեց եւ դարձաւ տիտղոսակիր:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին Ա. փոխնախագահ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Աքրամ Հալապի, ֆետերասիոնին անդամները, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեան, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ըսաւ. «Առաջին հերթին կը շնորհաւորենք Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, որ իր մարզիկներուն տարած այս յաղթանակով եւ խումբին ձեռքբերած տիտղոսով կրցաւ բարձր պահել Լիբանանի անունը:
«Այս առիթով լիբանանեան մարզասէրներուն կ՛ուղղեմ խօսքս եւ զանոնք կը հրաւիրեմ 21 եւ 24 փետրուարին Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիր` քաջալերելու եւ նեցուկ կանգնելու համար Լիբանանին, որ Ասիա-2021-ի բաժակի մրցաշարքին երկու մրցում պիտի կատարէ` յաջորդաբար Իրաքի եւ Պահրէյնի դէմ»:
Լիբանանի մարզիկներուն ուղղուած շնորհաւորանքի խօսքեր արտասանեցին նաեւ Հալապի եւ Համմամ:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
PROFOTO