Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ յայտնեց, որ «Ռոլան Կարոս»-ի մրցաշարքը, որ կը նկատուի տարուան երկրորդ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, իր կարգին յետաձգուեցաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Անիկա նախատեսուած էր կայացնել 24 մայիսէն 7 յունիս:
Ըստ կազմակերպիչներուն, այժմ անոր ազդանշանը պիտի տրուի 20 սեպտեմբերին, իսկ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 4 հոկտեմբերին:
Աշխարհի տարածքին յետաձգուած են թենիսի բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններն ու մրցաշարքերը: