14 մարտին Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) սկսած «Թոքիօ-2020»-ի կռփամարտի ողիմպիական խաղերուն վարկանշային մրցաշարքը երէկ` երկուշաբթի, 16 մարտին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին որոշումով դադրեցաւ:
Անոր երրորդ օրուան` 16 մարտին նախատեսուած բոլոր մրցումները երէկ շարունակուեցան առանց հանդիսատեսներու:
Յետաձգուած մրցաշարքը պիտի շարունակուի մայիսին, երբ կատարուին չորրորդ օրուան ճակատումները:
Երէկ 52 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Կորիւն Սողոմոնեան յաղթելէ ետք Իսրայէլը ներկայացնող Դաւիթ Ալավերդեանին, ապահովեց ողիմպիականի իր տոմսը:
57 քկ դասակարգին մէջ Ողիմպիականի տոմս մը ապահովելու բաւական մօտ էր Արթուր Բազէեան, որ պարտուեցաւ ուքրանացի իր մրցակիցէն: