Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ, 64 տարեկան սպանացի Խոաքին Քափարոս սպանական «Մարքա»-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին պատմեց Հայաստանի վերաբերեալ իր առաջին տպաւորութիւններուն մասին:
«Երեւանը զիս զարմացուց: Անիկա սքանչելի քաղաք մըն է: Երկիրը անվտանգ է, եւ մարդիկ լաւ տրամադրութեամբ կը շրջագային փողոցներուն մէջ: Երկիրը ունի լաւ պայմաններով ակադեմիա, 10 մարզադաշտ:
«Մենք մեր դիմաց ունինք ամէն գնով մոնտիալի աւարտական հանգրուաններուն տոմս մը ապահովելու նպատակը: Պիտի աշխատինք 35-40 ֆութպոլիստներու հետ, որոնցմով պիտի կազմենք մեր հաւաքականը», ըսաւ ան: