Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Երեւանի մէջ կատարուելիք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի զարգացման մրցաշարքը յետաձգուեցաւ:
Անիկա սկզբունքով պիտի սկսէր երէկ եւ աւարտէր 23 ապրիլին:
«Հաշուի առնելով «Քորոնա» ժահրին տարածումը, մրցաշարքին կայացումը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: