«ՖԻՖԱ»-ն յայտարարեց, որ ամրան ընթացքին մարզիկներու փոխանցումներու ժամանակաշրջանը կրնայ յետաձգուիլ` նկատի ունենալով, որ այդ միջոցին ախոյեանութիւնները նոր աւարտած կ՛ըլլան եւ ակումբները չեն կրնար արագ ձեւով նոր փոխանցումներու գործին սկսիլ:
Կայ նաեւ այլ հարց մըն ալ, որ ՖԻՖԱ-ն պիտի յայտարարէ մօտիկ ապագային: Ատիկա կը վերաբերի մինչեւ 30 յունիս ստորագրուած պայմանագրութիւններուն` նկատի ունենալով, որ ախոյեանութիւնները աւարտած չեն ըլլար:



