Շաբաթասկիզբին Զուիցերիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմակերպութեան գրասենեակը փակուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ֆետերասիոնին 70 տարեկան նախագահը` Տոմինիք Պլան, վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:
Անոր վրայ կատարուած քննութիւնները տուած են դրական արդիւնք, յայտնեց զուիցերիական մարզական մամուլը:
Ան ըսաւ, թէ ինքզինք բաւական լաւ կը զգայ, թէեւ քիչ մը հարբուխ է: