Երէկ` երեքշաբթի, 17 մարտին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը ճիշդ մէկ տարիով կը յետաձգուի եւ տեղի կ՛ունենայ 11 յունիսէն 11 յուլիս 2021-ին:
Այդ յետաձգման պատճառը բնականաբար աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրին տարածումն է, որուն պատճառով ոչ միայն մարզաշխարհի գործունէութիւնը կը սառի, այլեւ` գրեթէ ամէն ինչ:
Ինչպէս ծանօթ է, մրցաշարքը պիտի կատարուէր եւրոպական հետեւեալ 12 քաղաքներուն մէջ. Լոնտոն, Միւնիխ, Ս. Փեթերսպուրկ, Պաքու, Հռոմ, Պուքրեշ, Տապլին, Քոփենհակըն, Պիլպաօ, Կլասքօ, Պուտափեշտ եւ Ամսթերտամ: