Սպանական «Մարքա» օրաթերթը երէկ յայտնեց, որ 21 տարեկան մարզիչ Ֆրանչիսքօ Կարսիա, որ կ՛աշխատէր Աթլեթիքօ Փորթատա Ալթա խումբին հետ, մահացած է «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Սպանացի մարզիչը, որ մահացած է Մալակայի մէկ հիւանդանոցին մէջ, մահանալէն քանի մը օր առաջ եղած է լաւ վիճակի մէջ, յայտնեց անոր ընտանիքը:
Սակայն վերոնշեալ ակումբին մանկական խումբի մարզիչին առողջական վիճակը շատ արագօրէն վատթարանալով մահացած է: