Սպանական Վալենսիա ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ակումբին յետսապահներէն Խոսէ Լուիս Կայա իր կարգին վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:
Ան յայտնեց, որ նկատի ունենալով, որ իր վրայ կատարուած քննութիւնը տուած է դրական արդիւնք, պիտի մնայ իր տան մէջ եւ շուտով ապաքինի: