Լոնտոնեան Արսենալի ղեկավարութիւնը պատրաստ է մարզիկներու ամառնային փոխանցման ընթացքին ծախելու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը:
Ըստ իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» օրաթերթին, Արսենալ պատրաստ է Մխիթարեանի ստորագրութիւնը տալու Ա. Էս. Ռոմային, եթէ վերջինս համաձայն գտնուի ակումբին վճարել իր պահանջած գումարը:
31 տարեկան Մխիթարեան, որ Արսենալէն փոխ տրուած էր Ա. Էս. Ռոմային, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը իր ելոյթները պիտի շարունակէ «Քալչիօ»-ի մրցումներուն: