Հակառակ անոր որ ծրագրուած էր, որ այս ամսուան վերջը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի կատարէ բարեկամական երկու մրցումներ, սակայն անոնք երկուքն ալ յետաձգուեցան «Քորոնա» ժահրին պատճառով, երէկ յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
26 մարտին Հայաստան պիտի մրցէր Ուզպեքիստանի դէմ, իսկ 30 մարտին` Ղազախստանի դէմ:
Այսօր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակէ եւրոպական բոլոր ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն գծով: