«Պունտըսլիկա». Պայէրն Եւ Տորթմունտ՝ Յաղթական
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-յի 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող՝ Պայէրն Միւնիխի եւ անոր անմիջական մրցակիցին՝ Պորուսիա Տորթմունտի միջեւ եօթը կէտի տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ, նկատի ունենալով որ անոնք երկուքն ալ յաղթանակ արձանագրեցին: Պայէրն, որ հիւրընկալեց Ֆորթունա Տիւսելտոլֆին (16-րդ), արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ռոպերթ Լեւանտովսքի տուպլէ մը իրագործեց: Իսկ Տորթմունտ, որ հիւրը եղաւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Փատերպորնին, արձանագրեց...

