Ֆ. Ք. Պրիւժ, իր պատմութեան մէջ 16-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեան, նկատի ունենալով որ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ 2019-2020 տարեշրջանը վաղաժամ կ՛աւարտի, «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Արդէն իսկ անոր վերսկսման կարիքը չկար, նկատի ունենալով որ 30-րդ եւ վերջին հանգրուանին նախօրեակին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ֆ. Ք. Պրիւժ, որ ունէր 70 կէտ, 15 կէտի բաւական մեծ առաւելութիւն մը ունէր իր անմիջական մրցակիցին՝ Կենթի վրայ: Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի՝ Շարլրուա (54 կէտ):
Նշենք, որ նախքան այս, արդէն իսկ վաղաժամ աւարտած էին նաեւ՝ Արժանթինի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնները: