Ինքնաշարժներու աշխարհի ախոյեանութեան՝ «Ֆորմիւլա-1»-ի ծիրին մէջ տեղի ունենալիք Մոնաքոյի «կրան-փրի»-ն այս տարի պիտի չկայանայ, յայտարարեցին կազմակերպիչները:
Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար յառաջիկայ 24 մայիսին: Սակայն անոր կայացումը ջնջուեցաւ, բնականաբար «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Այսպիսով, Մոնաքոն «Ֆորմիւլա-1»-ի յաջորդ «կրան-փրի»-ն պիտի հիւրընկալէ յառաջիկայ տարի՝ 2021-ին:
Վերջերս, միջազգային մարզական մամուլը յայտնեց ըսելով, որ, յառաջիկայ 2 օգոստոսին տեղի ունենալիք Հունգարիոյ «կրան-փրի»-ն շատ հաւանական է որ կայանայ, սակայն առանց հանդիսատեսներու: Այս մէկը սակայն, կրնայ չկատարուիլ, եթէ ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնը արտօնութիւն չտայ:
Նշենք, որ 2020 տարեշրջանին գծով, ցարդ ոչ մէկ «կրան-փրի» տեղի ունեցած է: Մոնաքոյի «կրան-փրի»-ով յետաձգուած «կրան-փրի»-ներուն թիւը գրեթէ հասաւ տասի: