Անգլիական մարզական մամուլը յայտնեց, որ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի մէջ հանդէս եկող վեց ֆութպոլիստներու մօտ «Քորոնա» ժահրը յայտնաբերուեցաւ:
Նշուեցաւ, որ բոլոր դասակարգերուն մաս կազմող 748 ֆութպոլիստները ենթարկուած են քննութիւններու եւ անոնցմէ վեցին մօտ արդիւնքը եղած է՝ դրական: Այդ վեցը, մէկ շաբաթով պիտի մեկուսացուին:
Նախորդ շաբաթ, Անգլիոյ կառավարութիւնը կանաչ լոյս տուաւ, որ 13 մարտէն ի վեր կիսատ մնացած ախոյեանութիւնը շարունակուի, առաւելագոյն զգուշացումներով:
Ինչ կը վերաբերի խումբերուն կատարած փորձերուն, անոնց մաս կազմող մարզիկները, երէկ սկսան փոքր խումբերով կատարել իրենց փորձերը, իրենց միջեւ որոշ հեռաւորութիւն մը պահելով անշուշտ: