Փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, այս տարեշրջանին աւարտէն ետք պիտի հեռանայ իր ակումբէն՝ Եուվենթուսէն, այս գծով յայտնեց իտալացի լրագրող՝ Փիեթրօ Փալցանօ:
Լրագրողը կը պնդէ ըսելով, որ թէեւ այս նիւթին շուրջ եղած խօսակցութիւնները ցարդ շշուկներու մակարդակի վրայ են եւ ցարդ ոչինչ պաշտօնական չէ, բայց եւ այնպէս ֆութպոլիստը ամէն գնով որոշած է հեռանալ իր ակումբէն եւ այլ կազմի մը միանալ:
Նախապէս այլ լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, շատ հաւանաբար Եուվենթուս ծախէ Ռոնալտոյին:
Ներկայ տնտեսական դժուար պայմաններով, Եուվենթուս ի վիճակի չէ վճարել անոր աշխատավարձը, որ տարեկան կը կազմէ՝ 31 միլիոն եւրօ: