Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ, յառաջատար թենիսմէններու համար որոշեց մրցաշարք կազմակերպել:
Անոնց մասնակցելու իրենց հաւանութիւնը ցարդ տուած են՝Ալեքսանտր Զվերեւ, Կրիկորի Տմիթրով եւ Տոմինիք Թիեմ:
Մրցաշարքը բաղկացած պիտի ըլլայ քանի մը ենթամրցաշարքերէ:
Ճոքովիչի կողմէ բարեգործական բնոյթ ունեցող այս մրցաշարքերը թիւով պիտի ըլլան չորս, հետեւեալ ձեւով.
13-14 յունիսին՝ Սերպիոյ մէջ, 21-22 յունիսին՝ Խրուաթիոյ մէջ, 27-28 յունիսին՝ Մոնթենեկրոյի մէջ եւ 3-4 յուլիսին՝ Պոսնիոյ մէջ: